image

Պրիւքսէլի մէջ. Եւրոպական Միութեան երկիրներու ԱԳ նախարարները Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները պիտի քննարկեն

Պրիւքսէլի մէջ. Եւրոպական Միութեան երկիրներու ԱԳ նախարարները Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները պիտի քննարկեն

Եւրոպական Միութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, 13 նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք նիստին պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, մասնաւորապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան աջակցութիւնը Երեւանին:

Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը։

Դիւանագէտը յայտնած է, որ հնարաւոր է` Եւրոմիութիւնը ընդլայնէ իր դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ՝ ի պատասխան Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ-ի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներու:

Բացի այդ, ըստ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչի` կազմակերպութիւնը կը քննարկէ, թէ ինչպէս Հայաստանին աջակցի կայունութեան ամրապնդման հարցով, այդ շարքին՝ անվտանգութեան ոլորտին մէջ։