image

Պրազիլ անցաւ քառորդ աւարտականի. Խումբը պիտի մրցի Խրուաթիոյ դէմ

Պրազիլ անցաւ քառորդ աւարտականի. Խումբը պիտի մրցի Խրուաթիոյ դէմ

Աշխարհի ախոյանութեան 2022-ի 1/8 եզրափակչին Պրազիլը 4։1 հաշուով յաղթեց Հարաւային Քորէային։

Հանդիպման հաշիւը 7-րդ վայրկեանին բացաւ Վինիսիուս Ժունիըրը։

6 վայրկեան անց Նէյմարը կրկնապատկեց հաշիւը՝  11 մեթրանոց հարուածով։

29-րդ վայրկեանին հաշիւը բարձրացուց Ռիշարլիսընը։

Մինչեւ ընդմիջում պրազիլցիներու կազմին մէջ աչքի ինկաւ նաեւ Լուքաս Փաքեթան։

Քորէացիները կրցան մէկ կոլ խփել։ 76-րդ վայրկեանին աչքի ինկաւ Սին Հո Պեքը։

Պրազիլիոյ հաւաքականը քառորդ եզրափակչին պիտի մրցի Խրուաթիայի հետ։