image

Պլինքըն ժամանած է Քիեւ

Պլինքըն ժամանած է Քիեւ

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն պաշտօնական այցով ժամանած է Քիեւ, գրած է «Եւրոպական ճշմարտութիւն» պարբերականը։

Պլինքընի՝ Ուքրանիա ժամանելու հնարաւորութեան մասին լրատուամիջոցները ոչ պաշտօնապէս իմացած են դեռ նախօրէին, սակայն ԱՄՆ Պետական բաժանմունքը հրաժարած էր մեկնաբանելէ այդ տեղեկութիւնը:

«Պաշտօնական այցով Քիեւ ժամանած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն »,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Տեղի լրատուամիջոցները յայտնած են, որ երթեւեկութիւնը Քիեւի կեդրոնին մէջ արգելափակուած է։

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, ինչպէս կը սպասուի, պիտի յայտարարէ Ուքրանիոյ աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի նոր օգնութեան մասին, յայտնած է CNN հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով Պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեան: