image

Պլինքըն Ալիեւին կոչ ըրած է «անյապաղ աւարտին հասցնել» խաղաղութեան համաձայնագիրը

Պլինքըն Ալիեւին կոչ ըրած է «անյապաղ աւարտին հասցնել» խաղաղութեան համաձայնագիրը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին ցործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին ընդգծած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրն անյապաղ աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը։

«Արտաքին ցործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր [յունիսի 20-ին-խմբ․] հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Արտաքին ցործոց նախարարը փաստած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ընթացիկ առաջընթացը՝ միտուած խաղաղութեան եւ ընդգծած համաձայնագիրն անյապաղ աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը։

Ան վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահագները յանձնառու է ներգրաւուած մնալ գործընթացին մէջ՝ կողմերու համար օգտակար որեւէ ձեւով։

Ընդգծելով ԱՄՆ-Ատրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւններու կարևորութիւնը՝ արտաքին ցործոց նախարարը շեշտած է կառուցողական համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ՝ յանուն կլիմայի եւ ուժանիւթի ոլորտներու մէջ համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նպատակներու, ան աւելցուցած է նաեւ, որ ԱՄՆ-ը յանձնառու է օգնելու COP29 համաժողովի յաջող կայացման։

Ան ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կոչ ըրած է եւ յորդորած է Ատրպէյճանը հաւատարիմ մնալ մարդու իրաւունքներու ոլորտի մէջ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ ազատ արձակել բոլոր անարդարացիօրէն ձերբակալուածները եւ այդ ընել հնարաւորին շուտ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։