Ֆրանսայի արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն հանդէս եկած է դիւանագիտական համայնքին ուղղուած ուղերձով, որուն մէջ ան նշած է նաեւ, որ «Ֆրանսա պիտի ապահովէ շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին»:
Այս մասին իր x-ի էջին գրառում կատարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
«Պէտք է որոնել արդար եւ տեւական խաղաղութիւն՝ հիմնուած օրէնքի եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման վրայ, ինչպէս նաեւ՝ պէտք է ապահովել բնակչութեան արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը՝ յարգելով անոնց յիշողութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը։», -աւելցուցած է ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը: