image

Փութինն անձամբ կը յայտնէ. Փեսքով

Փութինն անձամբ կը յայտնէ. Փեսքով

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը անձամբ կը յայտնէ, թէ երբ պիտի վերապատուաստուի «Քովիտ»ի դէմ։ Այս մասին ըսած է նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Ան անձամբ կը յայտնէ, երբ որոշում կայացնէ», ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։

Աւելի վաղ Փեսքով ըսած է, որ Փութինի մօտ կը պահպանուին բարձր հակամարմինները «Քովիտ»ի դէմ պատուաստումէն յետոյ, եւ ան պիտի վերապատուաստուի, երբ ստանայ բժիշկներուն խորհուրդները։

Փութինը պատուաստուած էր գարնան։ Առաջին դեղաչափը նախագահը ստացած է Մարտ 23-ին, երկրորդը՝ Ապրիլ 14-ին։ Ան յայտնած էր, որ պատուաստուած է «Սփութնիք V»-ով։