Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան չորեքշաբթի՝ 2 օգոստոսին պիտի բանակցին։
Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ մանրամասնելով, որ անոնք հեռախօսազրոյց պիտի ունենան, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը։
Աւելի վաղ Փութին չէր բացառած, որ կ'այցելէ Թուրքիա՝ Էրտողանի հետ բանակցութիւններու համար։ Այդ մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարը յայտարարած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած Ռուսիա-Ափրիկէ գագաթնաժողովի արդիւնքներուն յաջորդած մամուլի ասուլիսին։
«Պայմանաւորուեցանք, որ տեսնուինք, այո, կա՛մ ինքը կու գայ մեր մօտ, կա՛մ ես կ'երթամ իր մօտ: Ան զիս հրաւիրած էր դեռ (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւններէն առաջ (Թուրքիա), բայց յետոյ մենք որոշեցինք, որ աւելի լաւ է այդպէս չընել, որ ոչ ոք շահարկէ այս թեման»,-ըսած է Փութին։