Աշկապատի մէջ Կասպեան վեհաժողովի ծիրէն ներս հանդիպումի ընթացքին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները անդրադարձած են նաեւ ղարաբաղեան հարցին: Այս մասին հաղորդած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:
«Ի հարկէ, կան շրջանային անվտանգութեան խնդիրներ, ներառեալ եւ նախ եւ առաջ` ղարաբաղեան լուծումը: Մենք ատիկա քննարկած ենք ձեզի հետ, եւ այժմ կարելիութիւն պիտի ունենանք այդ նիւթին շուրջ աւելի շատ խօսելու»,- ըսած է Վլատիմիր Փութին:
«Ի հարկէ, այսօր անգամ մը եւս առիթ պիտի ըլլայ խօսելու շրջանային խնդիրներու եւ շրջանային տագնապներու լուծման շուրջ ստեղծուած կացութեան մասին»,- իր կարգին ըսած է Ալիեւ: