image

Փոխադրային կապերու ապաշրջափակումը միանշանակ դրական կ'ըլլայ բոլոր կողմերու համար․ Օվերչուք

Փոխադրային կապերու ապաշրջափակումը միանշանակ դրական կ'ըլլայ բոլոր կողմերու համար․ Օվերչուք

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակումը միանշանակ դրական պիտի ըլլայ բոլոր կողմերու համար։ Այս մասին «Российская газета» թերթի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը՝ շեշտելով, որ այն թոյլ պիտի տայ զարգացնել տնտեսական ու մարդկային կապերն ու բուժել «վէրքերը»։

«Ատրպէյճանի քաղաքացիները հնարաւորութիւն պիտի ունենան Հայաստանի տարածքով մեկնելու Նախիջեւան եւ վերադառնալ, իսկ Հայաստանը, վերջապէս, հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ապահովելու դէպի Ռուսիա, Իրան, Կեդրոնական Ասիա եւ հակառակ ուղղութեամբ քաղաքացիներու, փոխադրային միջոցներու ու բեռերու ազատ տեղափոխումը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքով։ Եւ այս փոխադարձ շարժումը, առեւտրաշրջանառութեան ու մարդկային կապերու զարգացումը թոյլ պիտի տայ սկսիլ բուժել տարիներու վէրքերը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ», -ըսած է Օվերչուքը՝ աւելցնելով, որ իրենք կ'աշխատին այս ամէնու կեանքի կոչման նպաստելու ուղղութեամբ։

Անոր խօսքով՝  ՀՀ-ի մէջ քաջ կը գիտակցին, որ հետագայ տնտեսական աճին կը խոչընդոտէ փոխադրային շրջափակումը։

«Այսօր ատոր վերացումէն մենք մէկ քայլ հեռու ենք», - շեշտած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը։