image

Փեզեշքիան եւ Մաքրոն քննարկած են իրավիճակը Կազայի եւ Լիբանանի մէջ

Փեզեշքիան եւ Մաքրոն քննարկած են իրավիճակը Կազայի եւ Լիբանանի մէջ

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։ Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանին մէջ վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ ճգնաժամի սրման վերաբերող հարցերը։

Փեզեշքիանը շեշտած է, որ Իրանը պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմանն ուղղուած որեւէ առաջարկի։

Ան Մաքրոնին կոչ ըրած է  եւրոպական միւս երկիրներու ղեկավարներու հետ շարունակելու ջանքերը՝ ստիպելու Իսրայէլին դադրեցնել «ցեղասպանութիւնն ու յանցագործութիւնները» Կազայի եւ Լիբանանի մէջ։

Փեզեշքիանը նաեւ դրական գնահատած է Ֆրանսայի կառավարութեան վերջին դիրքորոշումները՝ Իսրայէլի գործողութիւնները դատապարտելու եւ այդ երկրին զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու վերաբերեալ։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն իր հերթին Թեհրանին կոչ ըրած է նպաստելու տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան ապամագլցումին։

Մարքոնն ընդգծած է Իրանի պատասխանատւութիւնը ընդհանուր ապամագլցումի պահպանման համար եւ կոչ ըրած է օգտագործելու իր ունեցած ազդեցութիւնը՝ իրավիճակն ապակայունացնող խաղացողներու վրայ, որոնք կը վայելեն Թեհրանի աջակցութիւնը։