Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յոյս յայտնած է, որ Երեւանի մէջ կը գերիշխէ յարաբերութիւններու զարգացումը շարունակելու քաղաքական կամքը: Փեսքովը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին խօսած է Аргументы и факты-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
«Այժմ բաւական բարդ շրջան է մեր բարեկամ, եղբայրական Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն հետ կապուած։ Այն նոյնիսկ աւելին է, քան եղբայրական երկիր ըլլաը, քանի որ մեր մօտ աւելի շատ հայեր կ՚ապրին, քան Հայաստանի մէջ։ Եւ ի դէպ, Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացի հայերու տնտեսական աշխուժութիւնը Հայաստանի համախառն պիւտճէի մէջ շատ մեծ տոկոս կը կազմէ։ Մարդիկ գումար կը փոխանցեն, խօսքը տարեկան մի քանի միլիառ տոլարի մասին է», –ըսած է ան։
Փեսքով յիշեցուցած է, որ կովկասեան տարածաշրջանը այժմ կը գրաւէ տարբեր արտատարածաշրջանային ուժերու ուշադրութիւնը, որ կ՚ազդէ Ռուսիոյ հետ այդ տարածաշրջանի պետութիւններու յարաբերութիւններու վրայ․ «Մենք համոզուած ենք, որ այդ ուժերու մասնակցութիւնը պէտք է խիստ սահմանափակուի, քանի որ այն ի վիճակի չէ այնտեղ կայունութիւն եւ բարգաւաճում բերել»,-ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի խօսնակը։