Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուի Պոնոն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն։
Վարչապետն ամերիկացի համանախագահի ուշադրութիւնը հրաւիրած է 5 մարտին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ներթափանցում յարձակման փաստին վրայ: Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանը մէկ կողմէն կը յայտարարէ ԼՂ ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսելու պատրաստակամութեան մասին, միւս կողմէ՝ կ'իրականացնէ ահաբեկչական գործողութիւններ, որու հետեւանքով երեք օր առաջ զոհուած են ԼՂ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան երեք ծառայող եւ մէկը վիրաւորուած:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին: Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ միջանցքն ապաշրջափակելու վերաբերեալ որոշումը Ատրպէյճանի կողմէ անյապաղ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերող հարցեր: