Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Սիւնիքի մարզ: Վարչապետը Կապանի մէջ ներկայ գտնուած է գեղանկարիչ Հրանդ Դանիէլեանի տուն-թանգարանի եւ յուշաքարի բացման արարողութեան:
Վարչապետը շրջած է տուն-թանգարանով` ծանօթացած Հրանդ Դանիէլեանի աշխատանքներուն: Նիկոլ Փաշինեանը ողջունած է տուն-թանգարանի բացումը՝ ընդգծելով, որ այն նոր շունչ կը հաղորդէ Կապանի մէջ մշակութային կեանքի աշխուժացմանն ու զբօսաշրջութեան խթանման:
Թանգարանի տարածքը 1987 թուականէն եղած է նկարիչի արուեստանոցը: Գեղանկարիչը հեղինակած է տասնեակ կտաւներ Խուստուփի տեսարաններով, կապանեան բնապատկերներով եւ ազգային անկենդան բնութիւնով:
Այսուհետ թանգարանը բաց պիտի ըլլայ այցելուներու համար մշտական ցուցադրութեամբ: Հրանդ Դանիէլեանի աշխատանքները կը գտնուին ասնաւոր հաուաքածուներու մէջ Հայաստանի, ԱՊՀ-ի եւ արտասահմանեան այլ երկիրներու մէջ: