ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման առնչուող օրակարգային շարք մը հարցեր: Ընդգծուած է տնտեսական կապերու ամրապնդման ուղղուած երկու երկիրներու կառավարութիւններու սերտ համագործակցութեան կարևորութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իպրահիմ Ռայիսին անդրադարձած են նաև տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:
Իրանի նախագահը վարչապետին եւ հայ ժողովուրդին շնորհաւորած է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով:
Իր հերթին, վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Իրանի քրիստոնեաներուն Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը, Իրանին շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի հայութեան ինքնութեան պահպանման համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար:
Զրուցակիցները պայմանաւորուած են շարունակել բարձր մակարդակի շփումները երկու երկիրներուն միջեւ: