image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան-Պլինքըն հեռախօսային կապ

Փաշինեան-Պլինքըն հեռախօսային կապ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, այս մասին կը տեղեկացնեն Կառավարութենէն:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ օրակարգը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեանն ու կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Քննարկման առարկայ դարձած են, մասնաւորապէս, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, գերիներու վերադարձին, անհետ կորած անձանց ճակատագրի պարզաբանման վերաբերող հարցեր:

Պետական քարտուղար Պլինքընն ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը յայտնած է որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող աջակցելու նշուած բոլոր հարցերու լուծումներուն:

Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է խաղաղութեան օրակարգին իր նուիրուածութիւնը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի հանրութիւնը կ'աջակցի այդ ուղեգիծին:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացները: Պետական քարտուղարը ողջունած է Հայաստանի վարչապետի եւ Թուրքիոյ նախագահի 11 յուլիսին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը եւ ԱՄՆ պատրաստակամութիւնն արտայայտած է աջակցելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման:

ՀՀ վարչապետն ու ԱՄՆ պետական քարտուղարը գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան-ԱՄՆ բարձր մակարդակի շփումներու առիթով եւ պայմանաւորուած են շարունակել երկխօսութիւնը: