image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան պիտի հարցաքննուի. Զոհուած զինուորի ծնող

Փաշինեան պիտի հարցաքննուի.  Զոհուած զինուորի   ծնող

Նիկոլ Փաշինեանը հարցաքննելու վերաբերեալ մեր միջնորդութիւնը բաւարարուած է: Այս մասին ըսաւ զոհուած զինուորներու ծնողներու ներկայացուցիչ Վահան Յովհաննիսեանը:

«Միջնորդութիւնը բաւարարուել է, դատախազը ցուցում է տուել վարոյթն իրականացնող մարմնին, որպէսզի հարցաքննուի Նիկոլ Փաշինեանը: Ես հիմա քննիչի մօտից եմ դուրս գալիս, ըստ քննիչի` պլանաւորւում է հարցաքննութիւն, թէ երբ, այդ մասին դեռ որեւէ տեղեկութիւն չունեմ, քննիչն է որոշում քննչական գործողութիւնների հերթականութիւնը: Հետագայ անգործութիւնը բացառելու նպատակով մենք ծնողների հետ այսօր մի փոքր քննարկում կ'ունենանք, եւ օրուայ երկրորդ կէսին մենք կը ներկայացնենք  առաւել կտրուկ միջնորդութիւն յստակ Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ որոշակի դատավարական գործողութիւն կատարելու մասով»:

Հարցին, թէ քանի՞ ծնող այս պահին ճանչցուած է տուժողի իրաւայաջորդ, Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ` 27 անձ դատախազին կողմէ, եւս 15 ծնողի վերաբերեալ իրենք միջնորդութիւն ներկայացուցա են տուժողի իրաւայաջորդ ճանչնալու վերաբերեալ,  եւ այս պահին 8 կամ 9 ծնող ճանչցուած է տուժողի իրաւայաջորդ, բայց գործընթացը դեռ կը շարունակուի, այսօր վեց անձ հարցաքննուած է:

Հարցին թէ ինչո՞ւ Հակափտածութիւն կոմիտէէն գործը տեղափոխուեցաւ Քննչական կոմիտէի Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութիւն, փաստաբանը ըսաւ․ «Միանշանակ պարզ է, Հակափտածութիւն կոմիտեն չէր կատարում դատախազի ցուցումները, անգործութիւն էր ցուցաբերում եւ նաեւ նշեմ, որ դա ոչ միայն դատավարական անգործութիւն է, այլ նաեւ իր մէջ առերեւոյթ հանրային վտանգաւորութեան տարրեր է պարունակում` յանցագործութեան տարրեր»:

Փաստաբանը ըսաւ, որ Փաշինեանը պէտք է հարցաքննուի Քննչական կոմիտէին էջ, ոչ թէ քննիչը պէտք է երթայ ՀՀ կառավարութիւն: