Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ոսկեպարի մէջ հանդիպած է Ոսկեպարի, Բաղանիսի եւ յարակից բնակավայրերու բնակիչներու հետ։
Դիմատետրեան էջին գրած է վարչապետի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը։
Յիշեցնենք, որ Տաւուշի գիւղերու բնակիչներու հետ հանդիպման մտադրութեան մասին Փաշինեանն ըսած էր վերջին ասուլիսին։ Այդ ասուլիսէն ետք աշխուժօրէն կը շրջանառուի Տաւուշէն 4 գիւղ Ատրպէյճանին յանձնելու մասին թեման։