image

Փաշինեան եւ Օվերչուք կը քննարկեն ճանապարհային հաղորդակցութիւներու վերականգնումը

Փաշինեան եւ Օվերչուք կը քննարկեն ճանապարհային հաղորդակցութիւներու վերականգնումը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ընդունած է Ռուսաստանի Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը:

Հանդիպման մասնակցած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ ՀՀ-ի մէջ Ռուսաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: Ռուսաստանի փոխվարչապետին գլխաւորած միջգերատեսչական պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ է՝ Հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի շրջանակին մէջ:

Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի 20-րդ նիստի կայացումը եւ յաջող ընթացք մաղթած է յանձնաժողովի աշխատանքներուն:

ՌԴ փոխվարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ այս տարուայ ընթացքին բաւական երկկողմ շփումներ եղած են. Հայաստան այցելած են շարք մը գործարար առաքելութիւններ, ռուսաստանեան առեւտուրի ներկայացուցիչներ, որոնք մեծապէս հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ աշխատելով:

Փաշինեան եւ Օվերչուք քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին, տնտեսական կապերուն վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները անդրադարձած են 2021-ի երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն եւ գոհունակութեամբ նշած են այդ ուղղութեամբ աճի արձանագրումը: Երկուստեք կարեւորուած է առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային փոխգործակցութեան զարգացման, ոլորտին մէջ առկայ ներուժի լիարժէք իրացման ուղղութեամբ համալիր ջանքերու գործադրումը:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներու եւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան շուրջ: