Օրերս ուրախալի լուր ստացանք Փարիզէն:
Սարօ Աւագեան եւ Լէթիսիա Տէմիրճեան Պսակադրուած են: Ս. Պսակի խորհուրդը տեղի ունեցած է Կիրակի, 31 Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի Իսի-Լէ-Մուլինո շրջանի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հարազատներու ու ընկերներու:
Սարօն իր մասնագիտութեան համաձայն՝ կը զբաղի լսողութեան սարքերու գործով եւ հիմնած է իր ցանցը: Լէթիսեան ուսումով ձեւաւորող է:
Այս առիթով երգիչ Յովսէփ, որ այս առթիւ ժամանած է Միացեալ Նահանգներէն ճոխացուցած է հարսանիքի մթնոլորտը: Նաեւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է ֆրանսայի հայկական «Նաւասարդ» պարախումբը:
Հարսն ու փեսան երկուքն ալ նուիրական գործունէութիւն կը վարեն հայ միութիւններու մէջ: Ուշագրաւն այն է, որ անոնք նաեւ անդամ են Ֆրանսայի Հայոց թեմի հեղինակաւոր «Արարատ» պարախումբին: Անոնք պարախումբին հետ 2018-ին ժամանած են Հայաստան ու ելոյթ ունեցած Երեւանի օփերայի բեմէն։