image

Փարիզի դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է Մարին Լը Փենի դէմ

Փարիզի դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է Մարին Լը Փենի դէմ

Փարիզի դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային միաւորում» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենի դէմ՝ 2022 թուականի նախագահական արշաւի ապօրինի ֆինանսաւորման կասկածանքով, յայտնած է BFMTV-ն՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։

«Փարիզի դատախազութիւնը վերջերս դատական հետաքննութիւն սկսած է 2022 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն Մարին Լը Փենի նախընտրական քարոզարշաւի անօրինական ֆինանսաւորման կասկածներու վերաբերեալ», -ըսուած է նիւթին մէջ։

Հետաքննութիւնը սկսած է Քարոզարշաւային հաշիւներու եւ քաղաքական ֆինանսաւորման ազգային յանձնաժողովի (CNCCFP) բողոքէն ետք: Ֆրանսական օրէնսդրութեան համաձայն՝ թեկնածուներուն կ՚արգիլուի նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ գերազանցել ծախսերու սահմանուած շեմը։ Պայմաններու կատարման պարագային պետութիւնը կը փոխհատուցէ ծախսերու մէկ մասը։ Հակառակ պարագային, CNCCFP-ն կրնայ, անհրաժեշտութեան պարագային, բողոք ներկայացնել: