Լիբանանի մէջ քաղաքացիներ ստիպուած կ՚ըլլան առնուազն ժամ սպասել փուռերուն դիմաց տրցակ մը հաց ստանալու համար։
Այս մասին կը գրէ «Ալ Նահար»ը նշելով նաեւ, որ մասնաւորապէս երկուշաբթի օր հաց ստանալու մեծ հերթեր գոյացած են մայրաքաղաք Պէյրութի մեծ փուռերուն դիմաց։
Կը նշուի նաեւ, որ հացի տագնապը յատկապէս վերջին օրերուն դարձեալ գլուխ ցցած է, հակառակ անոր, որ երկրի ճարտարարուեստի նախարար Ամին Սալամ (Հրաժարեալ կառավարութեան կամ գործակատար կառավարութեան անդամ) բազմիցս խօսած է, որ հացի տագնապ պիտի չըլլայ Լիբանանի մէջ։
Սալամ նաեւ հաստատած է, որ Լիբանան ալիւրի պակասէ չի տառապիր, բայց եւ այնպէս քաղաքացիներուն մօտ հաց չգտնելու վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւնները կը շարունակուին։
Միւս կողմէ կը նշուի նաեւ, որ հացի տագնապը անմիջականօրէն կապ ունի Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով երեւելի դարձած բարդութիւններով ու նաեւ երկրին մէջ վառելանիւթի թանկացման հետեւանքով վրայ հասած հարցերով։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի
Լուսանկարները «Ալ Նահար»էն, իսկ տեսանիւթը ՝ «Ալ Ճազիրա»էն։