Պերլինի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի ղեկավարած պատուիրակութիւններու միջեւ հանդիպումը:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն խաղաղութեան պայմանագրի հետ կապուած հարցեր։