image

Պայտընի վարամեքենան Սէուտական Արաբիա-Իսրայէլ խաղաղութեան համաձայնագիր պահանջած է

Պայտընի վարամեքենան Սէուտական Արաբիա-Իսրայէլ  խաղաղութեան համաձայնագիր  պահանջած է

Սպիտակ տունը կ'ուզէ դիւանագիտական ճնշում գործադրել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայելի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի համար յառաջիկայ 6-7 ամիսների ընթացքին՝ մինչ նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւը կը սպառէ երկրի ղեկավար Ճօ Պայտընի օրակարգը, Axios-ին ըսած են խնդրէն տեղեակ ամերիկացի երկու պաշտօնեաներ:

 «Ինչո՞ւ այդ կարեւոր է. Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ որեւէ կարգաւորման համաձայնագիր, հաւանաբար, պիտի ներառէ Միացեալ Նահանգներ - Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու արդիականացում ու շօշափելի արդիւնքներու փաթեթ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ»,- գրած է Axios-ը:

Նման գործարքը կրնայ ժողովրդականութիւն չունեանալ դեմոկրատներու շրջանին եւ կրնայ Պայտընին մեծ քաղաքական դրամագլուխ արժել: Պայտընը ժամանակին երդուած է Սէուտական Արաբիան դարձնել «տարամերժ»՝ թագաւորութեան մարդու իրաւունքներու վիճակի առումով եւ Washington Post-ի սիւնակագիր Ժամալ Խաշըքճիի սպանութեան առնչութեամբ: Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը կ'ըսէ, որ Սէուտական Արաբիոյ  թագաժառանգ Մուհամետ պըն Սըլմանը պատասխանատու է Խաշըքճիի սպանութեան համար․ իսկ Սէուտական Արաբիան կը հերքէ:

Սակայն գործարքը կրնայ պատմական բեկում ըլլալ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան մէջ՝ յանգեցնելով տոմինոյի ազդեցութեան՝ աւելի շատ արաբական եւ իսլամական մեծամասնութիւն ունեցող երկիրներու յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ կարգաւորման եւ Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները վերադարձնելու հունի մէջ: