image

Պայտըն-Մոտի հիմնական առանցքը Ռուս-ուքրանական հարցի լուծումն է

Պայտըն-Մոտի հիմնական առանցքը Ռուս-ուքրանական հարցի լուծումն է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի 26 օգոստոսին կայացած հեռախօսազրոյցով հաւաստիացուցած են, որ կ'աջակցին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Այդ մասին ըսուած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Պայտըն Մոտիի հետ քննարկած է Հնդկաստանի վարչապետի այցը Լեհաստան եւ Ուքրանիա, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերին կայանալիք հանդիպումը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին։

Ըստ Սպիտակ տան՝ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը բարձր գնահատած է Մոտիի ուղեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ «անոր խաղաղութեան ուղերձը եւ Ուքրանիոյ տրամադրուող շարունակական մարդասիրական օգնութիւնը, ներառեալ՝ ուժանիւթի բաժինով»։

«Ղեկավարները հաստատած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իրենց անփոփոխ աջակցութիւնը՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Իր հերթին Մոտի X հարթակին վրայ գրած է, որ Պայտընի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած է տարածաշրջանային եւ համաշխարհային տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ իրավիճակն Ուքրանիոյ եւ Պանկլատէշի մէջ։

1992 թուականին, Քիեւի եւ Նիւ Տելհիի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հնդկաստանի վարչապետն 23 օգոստոսին առաջին այցը կատարած էր Ուքրանիա, որմէ առաջ եղած էր Լեհաստան։ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպման ժամանակ Մոտի հաւաստիացուցած է, որ Հնդկաստան պատրաստ է գործօն դեր խաղալ Ռուսիոյ եւ Ոքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան հասնելու ցանկացած ջանքերուն մէջ: