image

Պայտըն-Ֆրանչիսկոս պապ հանդիպում պիտի կայանայ

Պայտըն-Ֆրանչիսկոս պապ  հանդիպում պիտի կայանայ

ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի հանդիպի Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ, 29 Հոկտեմբերին, նախքան Հռոմի մէջ G20-ի երկօրեայ գագաթաժողովին մասնակցիլը:

Իր նախագահութեան ընթացքին երկրորդ արտասահմանեան ուղեւորութեան շրջանակներուն մէջ, Պայտըն պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համագումարին՝ յայտնի որպէս COP26, որ տեղի պիտի ունենայ Կլասկոյի մէջ, 1-2 Նոյեմբերին եւ պիտի յայտարարէ համաժողովի գլխաւոր թեմաներուն շուրջ «հիմնական գործողութիւններ»ու մասին՝ ներառեալ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի թիրախները:

Պայտընի՝ Իտալիա եւ Մեծն Բրիտանիա այցին նպատակը ցոյց տալն է, որ ԱՄՆ կ վերսկսի համագործակցութիւնը միջազգային խումբերու հետ:

Սակայն ուղեւորութիւնը տեղի կ'ունենայ Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերու քաոսային դուրսբերման հետ կապուած միջազգային հիասթափութեան, Աւստրալիոյ հետ սուզանաւերու գործարքի պատճառով Ֆրանսայի գլխաւոր դաշնակիցին հետ տարաձայնութիւններու եւ Պայտընի կլիմայական նպատակներուն հասնելու՝ ԱՄՆ-ի հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ կասկածներու լոյսին տակ:

Պայտընը, ամենայն հաւանականութեամբ, Հռոմ կատարելիք այցի ընթացքին պիտի հանդիպի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: