image

Պայտըն եւ Հարիս Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին Զելենսքիի հետ. Սպիտակ տուն

Պայտըն եւ Հարիս Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին Զելենսքիի հետ. Սպիտակ տուն
Միացեալ Նահնգներու նախագահ Ճօ Պայտընը յաջորդ շաբաթ Ուաշինգտոնի մէջ պիտի ընդունի Ուքրանիոյ նախագահը՝ յայտնած է Սպիտակ տունը։ Վոլոտիմիր Զելենսքին առանձին հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ փոխնախագահ, նախագահի թեկնածու Քամալա Հարիսի հետ: 

Ամերիկեան կողմի տուեալով՝ հանդիպումներու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան ռուս-ուքրանական հակամարտութեան վերջին զարգացումները եւ Միացեալ Նահնգներու աջակցութիւնը Քիեւին։

Հնարաւոր է՝ Զելենսքիի հետ հանդիպի նաեւ Միացեալ Նահնգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփը:

Ուքրանիոյ նախագահի այցն Միացեալ Նահնգներ տեղի պիտի ունենայ վերջին շրջանին աշխուժացած քննարկումներու լոյսի ներքոյ, որ Արեւմուտքն Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն կրնայ թոյլ տալ արեւմտեան զէնքով հարուածել Ռուսիոյ խորքը գտնուող ռազմական կառոյցները: Միացեալ Նահնգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յայտարարած է, որ Ուաշինկթընն այդ հարցով կապի մէջ է դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ: Մեթիւ Միլլըր յիշեցուցած է, որ եւրոպական շարք մը երկիրներ արդէն թոյլ տուած են իրենց զէնքն օգտագործել ռուսական տարածքին մէջ գտնուող ռազմական թիրախներու դէմ: