Պայթեցուած է Կոտայքի մարզի Նայիրի համայնքի Պռոշեան գիւղի Գէորգ Չաուշի խճուղիի թիւ 5 հասցէին վրայ գտնուող ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) վարչական շէնքը, որ պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին շէնքն է:
Աւելի վաղ Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ յայտնելով, որ այսօր՝ ապրիլ 17-ին, ժամը 10։40-էն մինչեւ 11։20-ն ինկած ժամանակահատուածին, Կոտայքի մարզի Նայիրի համայնքի Պռոշեան գիւղի Գէորգ Չաուշի խճուղիի թիւ 5 հասցէի վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի վարչական շէնքի պայթեցման աշխատանքներ, որով պայմանաւորուած պիտի փակուի մայրուղին։