Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով մեկնած է Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին։
Երկրի ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած է Պայրամովի մասնակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակի շարք մը երկկողմ հանդիպումներ։
Նախօրէին ՀՀ ԱԳՆ-ն հաղորդած էր, որ յուլիս 9-10-ը ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոեան աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Ուաշինկթըն, ուր պիտի կմասնակցի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի՝ գործընկերներու ձեւաչափով միջոցառման եւ կազմակերպութեան 75-ամեակին նուիրուած յարակից միջոցառումներուն։ Ծրագրուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ։
Ուաշինկթըն մեկնած են նաեւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը: