Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովն ու Սերկէյ Լաւրովը չորեքշաբթի հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին կարեւորուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ աւելի վաղ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու ամբողջական կատարումը: Այս մասին յայտնած են Ատրպէյճանի ԱԳՆ-էն։
«Ընդգծուած է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու ամբողջական կատարման կարեւորութիւնը»,-ըսուած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ փոխադրային-տարանցիկ հարցերու շուրջ եւ յատուկ կարեւորած Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Իրանի տարածքով անցնող «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրային միջանցքի ներուժի ընդլայնումը: