image

Սա ուղղակի արկածախնդրութիւն է. Ծառուկեան` հակառուսական տրամադրութիւններու մասին

Սա ուղղակի արկածախնդրութիւն է. Ծառուկեան` հակառուսական տրամադրութիւններու մասին

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեան հաղորդագրութիւն տարածած է, ուր իր անհանգստութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւններու հրահրման միտումներէն։

«Որքան էլ դրանք լինեն արհեստական եւ ուղղորդուող, միեւնոյնն է, դրանք պարունակում են ահռելի ռիսկեր` մեր պետութեան, ազգային անվտանգութեան եւ մեր ժողովրդի համար։ Անկայուն եւ բարիկադաւորուած (պատնէշաւորուած) աշխարհի այսօրուայ պայմաններում սա ուղղակի արկածախնդրութիւն է, որի միակ շահառուն հակառակորդն է»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ծառուկեանի դիտարկմամբ` Հայաստանը կրնայ եւ պէտք է ունենայ բարիդրացիական յարաբերութիւններ այլ տէրութիւններու հետ, զարգացնէ միջպետական յարաբերութիւններ, բայց այդ չի կրնար ըլլալ ընդդէմ եւ ի հակակշիռ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու։

Նշենք, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի` ՀՀ այցի ժամանակ`18 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպուած էր։ Հաւաքուածները ՀՀ իշխանութիւններէն պահանջած էին դուրս գալ ՀԱՊԿ–էն։