Ուաշինկթընի քաղաքապետ Մուրիէլ Պոուսըրը յայտարարած է, որ այս հանգստեան օրերէն սկսեալ՝ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստուած 12-17 տարեկան դեռահասները անվճար Apple AirPods ականջակալներ պիտի ստանան, գրած է gizmodo.com-ը:
Բացի այդ, դեռահասները ամէն շաբաթ պիտի մասնակցին խաղարկութեան, որու շրջածիրէն ներս կրնան շահիլ iPad՝ ականջակալներով (իւրաքանչիւր շաբաթ պիտի ըլլայ ութ յաղթող), ինչպէս նաեւ՝ քոլեճի մէջ ուսանելու նպատակով 25.000 տոլարի չափով կրթաթոշակ:
Դեռահասներու պատուաստումը պիտի տեւէ 2021 թուականի 7 Օգոստոսէն 30 Սեպտեմբերը: Ընդ որում, 30 Օգոստոսին պիտի սկսին լրացուցիչ մրցանակներու շաբաթական խաղարկութիւնները:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ