image

Պատմութիւն, որ ցնցեց Լիբանանը. Անսովոր դէպք, դիակներ, որ պահուած էին Քըֆարշիմա շրջանին մէջ (Տեսանիւթ)

Պատմութիւն, որ ցնցեց Լիբանանը. Անսովոր դէպք,  դիակներ, որ պահուած էին Քըֆարշիմա շրջանին մէջ (Տեսանիւթ)

Երկրի իրաւապահ մարմիններ, անսալով «խորհրդաւոր բնակիչներու» հարեւաններու կոչերուն՝ քննութիւն կատարելու նպատակով մուտք գործած են Լեռնալիբանանի Քաֆարշիմա  շրջանին մէջ  գտնուող անոնց բնակարանը ու յայտնաբերած երկար ժամանակէ ի վեր այնտեղ գտնուող 5 դիակներ։

Աւելի ուշ կը պարզուի, որ դիակները կը պատկանին այդտեղ բնակած ընտանիքի անդամներուն, որոնց վերջինը, կ՚ենթադրուի, որ սպաննուած է իր իսկ եղբօր կողմէ։

 

 «Արեւելք» (Լիբանան)-Օրերս ահասարսուռ պատմութիւն մը ցնցած է Լիբանանը։

Երկրի իրաւապահ մարմիններ, անսալով  «խորհրդաւոր բնակիչներու» հարեւաններու կոչերուն՝ քննութիւն կատարելու նպատակով մուտք գործած են Քըֆարշիմա  (Լեռնալիբանան)  շրջանին մէջ  գտնուող անոնղ բնակարանը ու յայտնաբերած երկար ժամանակէ ի վեր այնտեղ գտնուող 5 դիակներ։

Աւելի ուշ կը պարզուի, որ դիակները կը պատկանին այդտեղ բնակած ընտանիքի անդամներուն, որոնց վերջինը կ՚ենթադրուի, որ սպաննուած է իր իսկ եղբօր կողմէ։

Մեղադրեալը, որ կը կոչուի Խրիսթո, աւելի ուշ դէպքի վայր հասնելով ինքզինք յանձնած է։

Կը նշուի նաեւ, որ բնակարանին մէջ գտնուած է ընտանիքի մայրը, որ 90 տարեկան է ու ողջ ու առողջ։

Ըստ բնակարանի հարեւաններուն, «խորհրդաւոր տան» բնակիչները ունեցած են զարմանալի վարք ու անոնք սեւ վարագոյրներով եւ տեսագրող սարքերով «պատած են» այդ բնակարանը։ 

Տարբեր աղբիւրներ կը նշեն, որ պարզուած հիւանդագին վիճակը հետեւանք է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի «թրաւմաներ»ուն։

Հետաքննութիւնները կը շարունակուին։