image
Հրատապ լուրեր:

Պարսելոնան նոր հոգեւոր հովիւ ունի. Նշանակումը՝ Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ

Պարսելոնան նոր հոգեւոր հովիւ ունի. Նշանակումը՝ Գերշ.  Տ.  Խաժակ արք.ի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ՝ Գերշ. Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեան հովուական այց կատարեց Պարսելոնա՝ Տէր Արամ քահանայ Թիլիկեանը տեղի մշտական հոգեւոր հովիւ նշանակելու։ 

Պարսելոնայի Ս․ Մարիամ Թագուհի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ (Iglesia de Santa María Reina), 16 Նոյեմբերին, հայութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ եւ վերանորոգուած հաւատքով մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Խաժակ Սրբազանի նախագահութեամբ։

Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը համայնքին ներկայացուց Տէր Արամ քահանայ Թիլիկեանը, որ յետայսու պիտի ծառայէ Պարսելոնայի եւ յարակից քաղաքներու հայ հաւատաւոր ժողովուրդին։

Հայերու ներկայութիւնը Սպանիոյ մէջ ունի դարաւոր եւ բազմաշերտ պատմութիւն՝ գաղթերու եւ ձեւաւորուած մշակութային կապերու շնորհիւ։ Այսօր Սպանիոյ մէջ կ՛ապրի շուրջ 40.000 հայ, որոնցմէ 10.000-ը կը բնակին Պարսելոնայի եւ անոր արուարձաններու մէջ․ տարիներու ընթացքին անոնք Պարսելոնան դարձուցած են հայ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի ամենակենսատու կեդրոններէն մէկը։

Իր ուղերձի մէջ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեան երախտագիտութիւն յայտնեց այն հոգեւորականներուն, որոնք տարբեր ժամանակաշրջաններուն հովուած են համայնքը՝ Հայր Սասունին, Հայր Շնորհքին եւ վերջերս՝ Հայր Ղեւոնդին։ Ան բարձր գնահատեց ինչպէս անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը, այնպէս ալ հայ համայնքի անդուլ աջակցութիւնը, որոնք համատեղ նպաստած են Պարսելոնայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաստատումին եւ զարգացումին։

«Տէ՛ր Արամի՝ ձեր մշտական հովիւի նշանակումով կը սկսի ձեր համայնքի ամրապնդման եւ աճի նոր փուլը»,— նշեց Սրբազանը՝ աւելցնելով, որ այդ առաքելութիւնը յատկապէս կարեւոր է նոր սերունդներու համար, որոնք կոչուած են պահպանելու եւ ծաղկեցնելու մեր քրիստոնէական ու ազգային ինքնութիւնը։

Պօղոս Առաքեալի «Փիլիպեցիներուն» թուղթէն օրուան ընթերցուած հատուածի (1.9–11) վերաբերեալ Սրբազանը իր քարոզի մէջ շեշտեց քրիստոնէական սիրոյ կենսական դերի մասին, որպէս անձնական ու համայնքային կեանքի խորութիւն եւ ուրախութիւն պարգեւող ուժ, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական միասնութեան անփոխարինելի հիմք։ Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ աշխուժօրէն համագործակցիլ նոր հովիւի հետ՝ խթանելով հովուական, դաստիարակչական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք ուղղուած են զօրացնելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Պարսելոնայի մէջ։

«Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտուած զաւակներ, դուք մեր բազմադարեայ հոգեւոր եւ եկեղեցական ժառանգութեան պահապաններն էք»,— յիշեցուց Սրբազանը։

Ան քաջալերեց համայնքի անդամները՝ պահպանելու մեր հաւատքն ու հայկական ինքնութիւնը՝ միաժամանակ աշխուժօրէն մասնակցելու Սպանիոյ հասարակական կեանքին, գնահատելով տեղի մշակոյթը եւ ներդրում բերելով հասարակութեան՝ համակեցութեան ու համարկման ոգիով։

Սրբազանը ընդգծեց, որ Տէր Արամ իր առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ յօգուտ  Պարսելոնայի աշխոյժ եւ աճող հայ համայնքին, սերտ համագործակցութեամբ պատուիրակութեան միւս հոգեւորականներու հետ՝

- Հայր Ղեւոնդի, որ հոգեւոր սպասաւոր է Մատրիտի, Առնետոյի, Վալենսիոյ, Ալիկանդէի եւ Սան Սեբաստիան համայնքներու մէջ։ 

-Հայր Թորոսի, որ հոգեւոր սպասաւորութիւն կ՛իրականացնէ Մալակայի, Սեւիլիոյ, Կատիսի համայնքներուն, ինչպէս նաեւ Փորթուկալիոյ մէջ։

Տէր Արամին վերապահուած ջերմ եւ անկեղծ ընդունելութիւնը նոր էջ կը բանայ Պարսելոնայի Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ՝ հիմնուած հաւատքի, աւանդութեան շարունակականութեան եւ համայնքի հոգեւոր ու մշակութային կեանքի վերազարթօնքի վրայ։