image

Պաքուն պայման կը դնէ ԱՄՆ-ի մէջ բանակցութիւններուն իր մասնակցութեան համար

Պաքուն պայման կը դնէ ԱՄՆ-ի մէջ բանակցութիւններուն իր մասնակցութեան համար

Ուաշինկթըն պէտք է փոխէ իր դիրքորոշումը Պաքուի նկատմամբ, որ Միացեալ Նահանգները կարողանայ միջնորդի դեր խաղալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։

Անոր խօսքով՝ ամերիկեան կողմի մօտեցումը, որ աւելի վաղ հնչեցուցած էր Միացեալ Նահանգներու Արտքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընը, «հաւասարակշռուած չէր»։

«Այդ միակողմանի մօտեցում էր, որ անհանգստութիւն առաջացուցած էր Ատրպէյճանի մէջ»,-ըսած է Ալիեւի օգնականը։

Հիքմեթ Հաճիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Պաքուն կողմ է Երեւանի հետ ուղիղ բանակցութիւններուն։ «Միեւնոյն ժամանակ, մենք չենք հրաժարիր միջնորդական ջանքերէն»,-ըսած է ան BBC-ին տուած հարցազրոյցին։

Հաճիեւ նշած է, որ վերջին երեք ամիսները կարելի է համարել ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու պատմութեան ամենահանդարտ շրջանը՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր։

«Յարաբերական խաղաղութիւնն ապահովուած է, հիմա ժամանակն է այն վերածելու երկարաժամկէտ խաղաղութեան՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։ Ատրպէյճանը կ՚աջակցի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգին»,- աւելցուցած է Հաճիեւ։