Պաքուն բողոքի նամակ յղած է Փարիզին՝ Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին յաւակնող Վալերի Փեքրեսի Ստեփանակերտ կատարած այցի պատճառով։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը հաղորդուի, որ դիւանագիտական գերատեսչութիւն կանչուած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը «եւ անոր յղուած է բողոքի նամակը»։ «Նախընտրական քարոզարշաւի շրջանակներուն մէջ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ այլոց ուղեկցութեամբ տեղի ունեցած այդ այցը ուղղուած է Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, կը հանդիսանայ երկրի ազգային օրէնսդրութեան խախտում», կ'ըսուի պաշտօնական Պաքուի յայտարարութեան մէջ։