Պաքուն «դատապարտած» է Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ 13 մարտին ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, որով եւրոպական պատգամաւորները պահանջած են անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները, անոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները:
Նաեւ, Եւրոպական խորհրդարանն ընդգծած է, որ հայերու դէմ դատավարութիւնները շինծու են եւ նուաստացուցիչ:
Միլի Մեճլիսը բողոքի նամակ ուղարկած է Եւրոպական խորհրդարան: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուական միջոցները՝ յղում ընելով Միլի Մեճլիսին։ Ատրպէյճանական կողմն անհիմն ու կողմնակալ որակած է բանաձեւը եւ պնդած, թէ իբր այն «կ'ոտնահարէ ինքնիշխանութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ արդարադատութեան սկզբունքները»։
Միլի Մեճլիսն անհիմն որակած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման եւ ցեղային զտումներու համար Ատրպէյճանին ներկայացուող մեղադրանքները: Ի պատասխան՝ Ատրպէյճան մեղադրած է Եւրոպական խորհրդարանը երկրի ներքին գործերուն միջամտելու համար՝ նշելով, թէ Պաքուն հաւատարիմ է տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին։