image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուին եւ Երեւանին պէտք չեն միջնորդներ․ Ալիեւ

Պաքուին եւ Երեւանին պէտք չեն միջնորդներ․ Ալիեւ

Սահմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը կ՚իրականացուին երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ՝ առանց որեւէ միջնորդի:

Այս մասին Պաքուի մէջ միջմշակութային երկխօսութեան 6-րդ համաշխարհային համաժողովի բացման ժամանակ իր խօսքին մէջ ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Սա եւս մէկ անգամ կը վկայէ այն մասին, որ Պաքուին եւ Երեւանին պէտք չեն միջնորդներ: Այդ միջնորդները չեն ուզեր օգնել, անոնք կ՚ուզեն ներթափանցել տարածաշրջան յանուն իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերու»,-ըսած է Ալիեւ:

Ան աւելցուցած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը հնարաւոր կ՚ըլլայ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շնորհիւ։