Բաքուի դատարանը արցախցի Ռաշիտ Բեգլարեանը դատապարտած է 15 տարուան ազատազրկման։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ան առաջին 5 տարին պիտի անցնէ բանտի մէջ, իսկ յաջորդ 10-ը` խստացուած ռեժիմով բանտի մէջ։ Նշենք, որ դատախազը 17 տարուան ազատազրկում պահանջած էր։
Յիշեցնենք` 2023–ի օգոստոս 1-ին յայտնի դարձաւ, որ ատրպէյճանական սահմանապահները ձերբակալած են Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի 61-ամեայ Ռաշիտ Բեգլարեանը, որ ոգելից խմիչքի ազդեցութեան տակ դուրս ելած է գիւղէն, մոլորուած եւ յայտնուած Ատրպէյճանի կողմէ հսկուող տարածք։
Ատրպէյճանական կողմը Ռաշիտ Բեգլարեանը կալանաւորած է 2023 թուականի նոյեմբերին։
Ան կը մեղադրուի «Խոճալուի ցեղասպանութեան» համար, գործ յարուցուած է հինգ քրէական յօդուածներով։