image

Պաղտատի մէջ. Տասնեակ քաղաքացիներ տուժած են ամանորեայ հրավառութեան ժամանակ

Պաղտատի մէջ. Տասնեակ քաղաքացիներ տուժած են ամանորեայ հրավառութեան  ժամանակ

Առնուազն 150 հոգի Պաղտատի մէջ տուժած է Ամանորի գիշերուան հրավառութենէն եւ անկանոն կրակոցներէն։ Այս մասին Իրաքի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Սէյֆ ալ-Պատրը ըսած է INA գործակալութեան։

Պատրի խօսքով՝ 150 տուժածներէն 20-ը վնասած է աչքերը։ Ներկայ պահուն մահացածներու մասին տեղեկութիւններ չկան։

Ինչպէս նշած է Իրաքի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը, աւելի ուշ գերատեսչութիւնը պիտի հրապարակէ ամբողջ երկրին մէջ տուժածներու վիճակագրութիւնը։