image

Պաղտատի մէջ «Երեւումն Սուրբ Խաչի» տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է

Պաղտատի մէջ «Երեւումն Սուրբ Խաչի» տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է

Օրերս Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ թեմակալ առաջնորդին մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ պատարագ «Երեւումն Սուրբ Խաչի» տօնին առթիւ։ 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Անցնող Կիրակի երեկոյեան, ի տօնին «Երեւումն Ս. Խաչի», Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի: Պատարագիչն էր արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեան:

Իր քարոզին մէջ հոգեշնորհ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Խաչին նուիրուած տօներուն։ Ան խօսեցաւ խաչի գործածութեան պատմականին մասին եւ թէ ինչպէս Հռոմէական Կայսրութեան կողմէ մահուան դատապարտուողներուն իբրեւ պատժամիջոց գործածուող խաչը, Քրիստոսի Խաչելութեամբ` դարձաւ Քրիստոնէութեան հաւատքի խորհրդանիշը, որմով կը զարդարենք մեր եկեղեցիներն ու տուները։