image
Հրատապ լուրեր:

Պաղտատ. Հոգեւոր մթնոլորտի մէջ Սուրբ Պատարագ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ

Պաղտատ.  Հոգեւոր մթնոլորտի մէջ Սուրբ Պատարագ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին շաբաթը, Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցին ընդունած է տարբեր դաւանանքներու եւ յարանուանութիւններու պատկանող հարիւրաւոր հաւատացեալներ։

Հայ ուխտաւորներու կողքին` եկեղեցի այցելած են քրիստոնեայ այլ համայնքներու հաւատացեալներ եւ իսլամ ուխտաւորներ։ Անոնք բոլորն ալ ակնյայտ երկիւղով ու հաւատքով  խնդրած են Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։

Իսկ Օգոստոս 16-ին, Շողակաթ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով  ժամերգութիւն կատարուած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ եղած են հոգեւորականաց դասը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Եկեղեցապաշտպան մարմինի անդամները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։