Կազայի մէջ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհուած պաղեստինցիներու թիւը հասած է 1100-ի։
Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ վիրաւորուած է աւելի քան 5300 մարդ:
«1100 քաղաքացի զոհուած է, եւս 5 339-ը ստացած են տարբեր աստիճանի մարմնական վնասվածքներ»,- այս մասին ըսուած է գերատեսչութեան դիմատետրեան պաշտօնական էջին։