image

Օտեսայի նաւահանգիստէն դուրս եկած եւ ցորենով բեռնուած առաջին նաւը պիտի ուղղուի Պէյրութ

Օտեսայի նաւահանգիստէն դուրս եկած  եւ ցորենով բեռնուած առաջին նաւը պիտի ուղղուի Պէյրութ

Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 8.30-ին ցորենով բեռնուած առաջին նաւը դուրս եկած է ուքրանական նաւահանգիստէն, տեղեկացուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Առաջին նաւը Օտեսայէն պիտի մեկնի ժամը 8.30-ին»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալընը աւելի վաղ տեղեկացուցած էր, որ Ուքրանիայէն ցորենի տեղափոխումը կրնայ սկսիլ 1 օգոստոսին։ Անոր տուեալներով՝ բեռնումն արդէն աւարտած է։ Իսթանպուլի համակարգող կեդրոնի ներկայացուցիչները պիտի հետեւին նաւուն արբանեակի օգնութեամբ։

Նշենք, որ այս առաւօտ լիբանանեան բազմաթիւ ԶԼՄ-ներ, յատկապէս այս նաւուն մասին խօսելով, նշած էին, որ Օտեսայէն բեռցուած ցորենը պիտի ուղարկուի դէպի Պէյրութ:

Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի մէջ 22 յհուլիսին տեղի ունեցած է բազմակողմ համաձայնագրերու ստորագրում ռուսական մթերքներու արտահանման սահմանափակումներու հանման եւ ուքրանական ցորենը տեղափոխելու գործին մէջ Ռուսիոյ աջակցելու մասին։ Գործարքը, որ ստորագրած են Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները, կ'ենթադրէ ուքրանական ցորենի, պարէնի եւ պարարտանըիթերու դուրսբերումը Սեւ ծովի երեք նաւահանգիստներով, ներառեալ Օտեսան։