Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան դատապարտած է Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի հատուածի Ռաֆահ քաղաքին մէջ՝ ատոնք որակելով «անմարդկային արարք», որ Իսրայէլի համար դարձած է «սովորական գործ»։ Այս մասին գրած է «trtrussian.com»-ը:
«Մենք ըսած ենք, որ չենք կրնար զիջումներու երթալ մարդոց անվտանգութեան հարցով... Մարդկութիւնը պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ լսէ այս ճիչը։ Այս ցեղասպանութեան մասին լռելը մեծ պատասխանատւութիւն եւ հետեւանքներ կը բերէ իր ետեւէն։ Պատմութիւնը պիտի դատէ անոնց, որոնք աչք փակած են այս մարդոց բացայայտ սպանութեան վրայ։ Անոնք, որոնք իրենց ստորագրութիւնը կը դնեն այս ցեղասպանութեան տակ, արդէն մեղաւոր յայտարարուած են պատմութեան առաջ»,-ըսած է Էրտողանը:
«Թուրքիան կը պաշտպանէ ոչ միայն պաղեստինցի եղբայրները, այլեւ մարդու իրաւունքները, խաղաղութիւնը, միջազգային իրաւունքը։ Թուրքիան ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ իր անկեղծութիւն այս հարցով»,-ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ «համաշխարհային համակարգի արատաւոր կառուցուածքը» պէտք է փոխուի՝ հետագայ ջարդերը կանխելու համար։
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած էր, որ Իսրայէլը պիտի շարունակէ յարձակումները ՀԱՄԱՍ-ի վրայ Կազայի հարաւային՝ Ռաֆահի մէջ, քաղաքացիական անձանց հեռանալէ ետք:
Իսրայէլի վարչապետը չէ յայտնած, թէ երբ կրնայ տեղի ունենալ յարձակումը, կամ ուր կրնան երթալ հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնք այժմ կը գտնուին Ռաֆահի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, Նաթանիահուն կը գտնուի միջազգային հանրութեան աճող ճնշման տակ, որ կը պահանջէ զերծ մնալ նախատեսուող յարձակումէն: