image
Հրատապ լուրեր:

Օր 10-րդ. Քիէւ զրկուեցաւ կարեւոր «խաղաքարտ»երէ. Խօսքը Զապորոժիա կեդրոնին մասին է

Օր 10-րդ. Քիէւ զրկուեցաւ կարեւոր «խաղաքարտ»երէ. Խօսքը Զապորոժիա կեդրոնին մասին է

Քաղաքական գետնի վրայ, յայտնի է անշուշտ, որ Ռուսաստան երբեք չի պատրաստուիր ոչ մէկ կերպ դադար տալ այս պատերազմին, որ Մոսկուայի ամենաբարձր պատասխանատուներուն կողմէ կը գնահատուի, որպէս «Ուքրանիոյ դէմ եղած յատուկ գործողութիւն»։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութին կը կարեւորէ երկու հիմնական նախապայման ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար։

Այդ նախապայմաններուն առաջինը Տոնէթցքի եւ Լուկանսքի անկախութեան ընդունիլն է, իսկ երկրորդ նախապայմանը բնականաբար Ուքրանիան ամէն տեսակի կորիզային զէնքէ զերծ երկիր յայտարարելը։

 

Փութինի նախապայմանները յստակ են արդէն

Պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն անցած են 9 օրեր։ 

Ռազմական գործողութիւնները ճիշդ է կը շարունակուին, սակայն երեւելի սկսած է դառնալ, որ այն ինչ որ դեռ պիտի կատարուի իր «թնդութեամբ» պիտի ըլլայ աւելի նուազ, քան անցնող օրերը։ 

Քաղաքական գետնի վրայ, յայտնի է անշուշտ, որ Ռուսաստան երբեք չի պատրաստուիր ոչ մէկ կերպ դադար տալ այս պատերազմին, որ Մոսկուայի ամենաբարձր պատասխանատուներուն կողմէ կը գնահատուի, որպէս «Ուքրանիոյ դէմ եղած յատուկ գործողութիւն»։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութին կը կարեւորէ երկու հիմնական նախապայման ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար։

Այդ նախապայմաններուն առաջինը Տոնէթցքի եւ Լուկանսքի անկախութեան ընդունիլն է, իսկ երկրորդ նախապայմանը բնականաբար Ուքրանիան ամէն տեսակի կորիզային զէնքէ զերծ երկիր յայտարարելը։

Անշուշտ այս բոլորի լոյսին ներքոյ ամէնէն «ցնցիչ» լուրը Զէլէնսքիի Քիէւէն հեռանալու լուրն է, որ բարոյական առումով ալ (եթէ անշուշտ լուրը հաստատուի) պիտի համարուի ծանրագոյն հարուած ուղղուած Ուքրանիան Ռուսներէն պաշտպանելու փորձ ընող ուժերուն։

Այդ ուժերուն հիմնականը երկրի բանակն է, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ կռուիլ, հակառակ անոր որ Վ. Փութին նոյն այդ բանակի բարձր վերնախաւին կոչ ըրած էր ձերբազատուիլ Զէլէնսքիէն եւ նոր էջ մը բանալ բոլոր առումներով հարուածներ ստացած եւ ներկայիս վիրաւոր երկրին մէջ։

Բանակէն ձայն չելաւ անշուշտ, իսկ հիմա Զէլէնսքիի այս հեռացումը կրնայ հազար ու մէկ հարցադրումներու առիթ հանդիսանալ։ Ի վերջոյ, ինչ իմաստ ունէր այս ահասարսուռ պատերազմին տանիլ երկիրը, երբ ժողովրդավարութեան անունով իր շուարած ժողովուրդին «գայլի աւետարան» կարդացող Զէլէնսքին առաջին առիթի մը հեռացաւ եւ իր գորշ ճակատագրին հետ թողուց աւերակուած Քիէւը։

 

Զապարոժիան անցաւ Ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ 

Ռազմական առումով երէկ ամէնէն ուշագրաւը Ուքրանիոյ Ինէրհոտար քաղաքին մէջ եղած Զապարոժիա (Եւրոպայի մեծագոյն կորիզային-ելեկտրակայանը) կորիզային-աթոմական ելեկտրակայանին Ռուսական ուժերուն տիրապետութեան տակ անցնելու լուրն էր։ 

Այդ մասին յայտարարեց Ռուսաստանի զինուած ուժերու բանբեր Իկոր Քոնաշինքով։ Ան նաեւ ըսաւ, որ «ազգայնամոլ-ահաբեկիչ» ուքրանացիներ փորձած են հրդեհ մը գոյացնել կայանին մէջ, բայց եւ այնպէս չեն յաջողած ու կայանը ապահով վիճակի մը մէջ է։

Միւս կողմէ դանդաղօրէն յստակ կը դառնայ, որ Ուքրանիոյ ծովային հատուածը արդէն իսկ կտրուած է մայր ցամաքէն եւ կը գտնուի Ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ։ Այս առումով ալ ըստ վերջին տուեալներուն ուքրանացիներու (մասամբ) ձեռքին կը շարունակէ մնալ խիստ կարեւոր քաղաք մը՝ Մարիփոլը, որուն անկումը, ըստ ռուսական աղբիւրներու օրերու հարց է։

Միւս կողմէ բազմակողմանիօրէն ահռելի վիճակ կը տիրէ Ուքրանական շարք մը քաղաքներու վրայ։ Մասնաւորապէս ծանր հրթիռակոծումներ տեղի կունենան Կրամաթորսքի, Խարքովի եւ Մարիփոլի ուղղութեամբ։ 

Ըստ «Պի. Պի. Սի.» կայանի լրագրողին ռուսաստանեան ուժեր կը գործածեն մօտիկ անցեալին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին, եւ աւելի վաղ Չէչնիոյ մէջ օգտագործուած մարտավարական միջոցները։ Անշուշտ յստակ չէ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէ արեւմտան բանբեր համարուող այս աղբիւրին լրագրողը ու նաեւ չի բացառուիր, որ պատերազմի այս փուլին աղբիւրներէն իւրաքանչիւրը լուրեր կը տարածէ շարժելով միայն ու միայն այս կամ այն կողմի շահերը սպասարկելու մարտավարութեամբ։ Ճիշդ է, որ պատկերը ամբողջական դարձնելու համար հարկաւոր է լսել ու կարդալ բոլորին կողմէ տրուած տեղեկութիւնները, որմէ ետք ալ շնորհիւ աչալուրջ մօտեցումի յանգիլ հիմնարար եզրակացութիւններու։

Այլ գետնի վրայ մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք հասած է եւ կը շարունակէ հասնիլ Ուքրանիոյ բանակին (մասնաւորապէս Քիէւի մէջ), որոնց մէջ կան գերարդիական զէնքեր։ Այդպէս կը խօսուի նաեւ Խարքով քաղաքի պարագային, ուր Ուքրանական բանակը գրեթէ պաշարուած կը համարուի, իսկ քաղաքը (որ երկրորդ մեծ քաղաքն է Ուքրանիոյ) յայտնուած է աւերակուած վիճակի մը մէջ, եւ ուր երէկ մեծ թիւով զոհեր արձանագրուած են։

Աւարտելու համար այս բաժինը հարկ է վերադառնալ եւ խօսիլ մայրաքաղաք Քիէւի իրադրութեան մասին։ Բացի անկէ, որ Քիէւցիք երէկ կը շարունակէին զինուիլ ու կը սպասէին, որ երկրի խորհրդարանը արտահերթ նիստ մը գումարելով քաղաքացիներուն համար հրապարակէ յատուկ օրէնք մը ազատօրէն զէնք գործածելու մասին, յստակ է, որ Ռուսական ուժերը այդքան ալ հեռու չեն մայրաքաղաքէն։

Այս պատերազմի «շախ-մատ»ային քայլը Քիէւի գրաւում- անկումն է, եւ վերջին տուեալներուն համաձայն ռուսաց բանակը կը գտնուի Քիէւէն ընդամէն 24 քլմ. hեռաւորութեան վրայ։ 

Կը նշուի նաեւ, որ Ռուսական զօրքերու մեծ կուտակումներ երեւցած են մասնաւորապէս Նիկոլայեւ արուարձանային աւանին մէջ, որ կը համարուի մէկ կողմէ Օտեսայի եւ միւս կողմէ Մարիփոլի միջեւ եղող կարեւոր հանգոյց-քաղաք մը։

Շատ հաւանաբար Մարիփոլի անկումէն ետք ընթացք պիտի առնէ դէպի Քիէւ ռուսաստանեան բանակին իրականացնելիք վերջին «սբրինթ» վազքը, որ պիտի ունենայ «նաք աութի» ամբողջական հետեւանք, տապալելով ի վերջոյ Զէլէնսքիի իշխանակարգը, ու նոր բեկում մտցնելով արդէն օրիէի ի վեր ընթացող այս արիւնալի պատերազմին մէջ։

 

Զէլէնսքին «խոյս» տուա՞ւ

Մինչ ռազմական ծանր գործողութիւնները կը շարունակուէին, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքի կը լքէր երկիրը։ Այդ մասին առաջինը կը յայտարարէր Ուքրանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Իլիա Քիվան, որ նաեւ ըսած է, թէ Զէլէնսքի հատած է Ուքրանիա-Լեհաստան սահմանը եւ «հաստատուած» այդ երկրի Ամերիկեան դեսպանատան մէջ։ Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Զէլէնսքի պիտի շարունակէ մնալ երկրի ղեկավար եւ այնտեղէն իր հրամանները արձակէ։

Ի դէպ բնաւ ալ զարմանալի չէր Զէլէնսքիի «հեռացում»ը եւ այն կապ ունի բնականաբար Ռուսական զօրքերու Քիէւէն մօտենալուն հետ։ Ի դէպ ուշագրաւ է նաեւ, որ Ուքրանիոյ նախագահական համակարգի բարձրաստիճան աշխատակիցներէն՝ Միխայիլ Պոտոլեաք, որ երէկ առաւօտեան վաղ ժամերէն ի վեր կը մերժէր պատասխանել միջազգային ԶԼՄ-ներու ճշդող հարցին, թէ ուր կը գտնուիո Ուքրանիոյ նախագահը շարունակեց լուռ մնալ մեծ հարցադրումներու տեղիք տալով։

Աւարտին նշեմ, որ Զէլէնսքիի վերջին յայտարարութիւնները կը վերաբերէին Քիէւի երկինքը փակ պահելու, Արեւմուտքէն արդիական կործանիչներ ստանալու (որոնք միլիառաւոր տոլարներ կ՚արժեն) ու նաեւ Մոսկուայի Զապորոժիան գրաւելով կորիզային պատերազմ մը հրահրելուն մասին։

Այսօր (շաբաթ) նոր օր մը պիտի ըլլայ ու նաեւ շատ կարեւոր է հաստատել այն լուրը, ըստ որուն Զէլէնսքին խոյս տուած է երկրէն։ Իսկ եթէ այդ տեղեկութիւնները համապատասխանեն իրականութեան, ապա կարող ենք հաստատել, որ արիւնալի պատերազմի այս փուլը արդէն հասաւ իր աւարտին։

 

Սագօ Արեան

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...