image

Նուպար Ճիւանեանի յիշատակին

Նուպար Ճիւանեանի յիշատակին

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է արմատներով Լիբանանահայ, երկար տարիներ Սուրիոյ եւ Կիպրոսի մէջ փայլուն յաջողութիւններու հասած գործարար ՝ Նուպար Ճիւանեանը։

Հանգուցեալի ընտանեկան պարագաները ընդառաջելով «Արեւելք»ի դիմումին այս մահագրականը տրամադրեցին խմբագրութեանս։

Մահագրականը կը ներկայացնենք ստորեւ

Հայրս Նուպար Ճիւանեան ծնած է Պէյրութ 5 Յուլիս, 1951-ին, ապա տեղափոխուած Սուրիա: Ուսման համար եկած է Հայաստան եւ 1973-ին աւարտած ճարտարագիտական համալսարանի «ելեկտրոցանցերու տեխնիկայի» բաժինը: 1974-ին ամուսնացած է մօրս հետ՝ Ովսաննա Արիթոնին եւ բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Յովհաննէս, Մարալ եւ Նայիրի: 

Կանուխ տարիքէն սկսած է արձանագրել յաջողութիւններ իր գործնական կեանքին մէջ: 23 տարեկանին արդէն սկսած է հսկայական գործերու մէջ ներքաշուիլ, զանազան երկիրներու մէջ, շատ համարձակ, կարող ու խելացի էր: Համաշխարհային գործարար էր, ստեղծագործ ու նորարար: Հիւսուածքեղէնի գործը իր ամէնէն սիրած գործն էր: Կիպրոսի մէջ մեծ դիրքի հասած էր, ան ծխախոտի արդիւնաբերութեան գրեթէ հիմնադիրներէն էր եւ ներկայացուցիչը այդ շուկային:  

Սակայն իր երազանքը միշտ եղած էր Հայաստան հաստատուիլ, եւ 1999-ին կատարեց այն: Ան ուզած է Հայաստանի մէջ սնունդի վերաբերեալ գործով զբաղիլ ու շքեղ ճաշարաններու ցանց ստեղծել: Առաջինը եղաւ «Ֆինիսիա» ճաշարանը Քասքատի վրայ, որ առաջին ֆրանսական խոհանոցով ճաշարանն էր ֆրանսական իւրայատուկ գինիներով: 

Ան մարդասէր էր, միշտ շուրջը կը հաւաքէր մարդիկ, կը զրուցէր ու մտիկ կ'ընէր, նաեւ կը խրատէր: Անշուշտ հայրենասէր էր ու շատ շատերու օգտակար դարձած էր: Իր որդիին՝ Յովհաննէսին հետ կրցան ընդլայնել գործը ու աւելի յաջողցնել զայն, միշտ նորութիւններով ի յայտ գալով, ամէն ինչի մէջ նախաձեռնողը ինք կ'ըլլար:

Հայրս շատ հաւասառակշռուած մարդ էր ու բոլորիս վրայ ալ իր ազդցութիւնը ձգած. սիրալիր ու գուրգուրոտ հայր ու ամուսին էր եւ մեզի շատ լաւ կեանք պարգեւած էր: 

Դժբախտաբար վերջին շրջանին, երկրի պատերազմական վիճակն ու պայմանները վատ ազդեցին իր վրայ, ի մասնաւորի վերջին Արցախեան պատերազմը: Նաեւ «Քորոնա» համաճարակին սահմանափակումներն ալ իրենց դերը ունեցան, որ ան նեղութիւն զգայ, որովհետեւ շատ աշխատասէր մարդ էր, անընդհատ գործերով տարուած: 

 

Գրեց՝ Նայիրի Ճիւանեան