image

Նուպար Կիւզէլտէվլեթեան ՝ Պէյօղլուի թեկնածու

  Նուպար Կիւզէլտէվլեթեան ՝ Պէյօղլուի թեկնածու

 

Պոլսահայ մեր հայրենակից՝ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեան իր թեկնածութիւնը դրած է Պէյօղլու պատմական շրջանի թաղային խորհուրդի անդամակցութեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլիսէն։

 

 Բնիկ պոլսեցի մեր հայրենակիցը, որուն անունին ծանօթ են շատեր երկար ժամանակէ ի վեր ընդգրկուած է ազգային գործունէութեանց մէջ։

 Ան մասնաւորապէս գործած է որպէս ընդհանուր վերակացու Շիշլիի գերեզմանատան ու նաեւ մեծ սիրով ընդունած բոլոր այն այցելուները, որ Շիշլի կը հասնին յարգելու յիշատակը այդ պատմակերտ գերեզմանատան մէջ յաւերժ ննջողներուն։

 

 Կիւզէլտէւլէթեան նաեւ անդամ է  Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբին  եւ  այնտեղ տարած մշակութային գործունէութեան կողքին  ան այցելութիւններ  կատարած է  դէպի  սփիւռքեան տարբեր համայնքներ  ստեղծելով ծանօթութեան համոզիչ ցանց մը՝ Թրակիոյ, Աթէնքի եւ մասնաւորապէս՝ Պէյրութի մէջ։

 

 Ըլլալով եկեղեցասէր անձնաւորութիւն մը Կիւզէլտէվլէթեան կը վայելէ համայնքային շրջանակներուն եւ մասնաւորապէս Պոլսոյ Հայոց Միաբանութեան անդամներուն յարգանքն ու երախտիքը։

 

 Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ազնիւ բարեկամին յիշեցնելով նաեւ, որ Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէ շրջաններուն մէջ յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք ընտրութիւնները կը համարուին ամենաճակատագրակն ընտրութիւններ պոլսահայոց տեսակէտէ։