ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է Նուիրեալ Թէքէեանական ՝ Սիլվա Տէր Ստեփանեան:
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Պայքար»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Դեկտեմբեր 10-ին, Նիւ Եորքի հայ կեանքէն հեռացաւ կրթական մշակ, մանկական գիրքերու հեղինակ՝ ընկերուհի Սիլվա Տէր Ստեփանեան: Ան յիսնամեակ մը ամբողջ ծառայեց հայ դպրութեան, կազմակերպելով հայկական դպրոցներ Արեւելեան Ամերիկայի թեմէն ներս: Մանկապատանեկան գիրքերու հրատարակութեամբ օգտակար եղաւ մեր ներկայ պայմաններուն հետ հայերէն լեզուի ուսուցման նոր մեթոտներ որոնելու աշխատանքին:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբերին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ:
..«Պայքար» կը վշատակցի ողբացեալին հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն: