image

Նորոգուելու Համար Մեղքի Հնութենէն

 Նորոգուելու Համար Մեղքի Հնութենէն

Մեր աստուածային Վարդապետը Իր անանց եւ փրկարար խօսքով կանխասաց, թէ` «պարտ է նմա երթալ յԵրուսաղէմ, եւ բազում չարչարանս չարչարել եւ անարգել ի քահանայապետից եւ ի դպրաց եւ ի ծերոց ժողովրդեանն եւ սպանանել, եւ յերիր աւուր յառնել» (Մատթ. ԻԶ. 21): Տիրոջ մատնութեան, չարչարանքի, խաչելութեան եւ մահուան աւագ կոչուած շաբթուան ընթացքին ամէնքս կանչուած ենք ապրելու քրիստոսաւանդ կանխասացութիւնը: Յիրաւի, Քրիստոս եկաւ աշխարհ եւ աշխարհը անոր չսիրեց, բայց ան կատարեց Իր փրկչագործական առաքելութիւնը եւ ապրեցաւ անսահման սիրոյ այս շաբաթը ի գին մարդկութեան փրկութեան:

 

Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն

պատուական եղբարց մերոց`

Արհի. արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց,

Գերյ. ու գերպտ. վարդապետաց եւ արժնպտ. քահանայից,

բարեշնորհ սարկաւագաց, առաքինազարդ մայրապետաց եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս:

 

Պատուական եղբարք եւ սիրեցեալ որդեակք ի Քրիստոս,

 

«Մի՛ երկնչիք դուք, գիտեմ զի  զՅիսուս զխաչելեալն խնդրէք. չէ աստ, քանզի յարեաւ` որպէս ասացն» (Մատթ. ԻԸ. 5-6):

 

Հազարամեակներու հոլովոյթէն երկինքէն իջած Տիրոջ հրեշտակը Քրիստոսի դատարկ գերեզմանէն մեզի կը շարունակէ գօտեպնդել, թէ «մի՛ երկնչիք», որովհետեւ «չէ աստ, քանզի յարեաւ` որպէս ասացն»:

 

Մեր աստուածային Վարդապետը Իր անանց եւ փրկարար խօսքով կանխասաց, թէ` «պարտ է նմա երթալ յԵրուսաղէմ, եւ բազում չարչարանս չարչարել եւ անարգել ի քահանայապետից եւ ի դպրաց եւ ի ծերոց ժողովրդեանն եւ սպանանել, եւ յերիր աւուր յառնել» (Մատթ. ԻԶ. 21): Տիրոջ մատնութեան, չարչարանքի, խաչելութեան եւ մահուան աւագ կոչուած շաբթուան ընթացքին ամէնքս կանչուած ենք ապրելու քրիստոսաւանդ կանխասացութիւնը: Յիրաւի, Քրիստոս եկաւ աշխարհ եւ աշխարհը անոր չսիրեց, բայց ան կատարեց Իր փրկչագործական առաքելութիւնը եւ ապրեցաւ անսահման սիրոյ այս շաբաթը ի գին մարդկութեան փրկութեան:

 

Պատմական մէկ անցք մը չէ, որ կը յիշատակենք, այլ յաւերժական մէկ իրողութիւն, որ մէկ կողմէ ի ուրախութիւն մեզի Տիրոջ սիրոյ եւ անդառնալի արարքներ են ի դէմս մարդկութեան մեղքի ճիրաններէն ազատումի եւ միւս կողմէ մշտնջենաւոր կերպով կրկնուող մեղանչական մարդուս պատասխանն է. «հան զդա ի խաչ» (Յովհ. ԺԹ. 15): Փայլականման եւ սպիտակազգեստ հրեշտակին աւանդած աւետիսը կը թելադրէ մեզի «չերկնչիլ», այլ քաջութիւնը ունենալ յաղթելու մեղքին, եւ խաչուած Քրիստոսին փնտռողներուս յիշեցնել, թէ` «չէ աստ, քանզի յարեաւ` որպէս ասացն»: Եւ անոր համար աստուածահիմն երկրաւոր  հարս եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ ոչ միայն տօնելու Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը, այլեւ նորոգուելու մեղքի հնութենէն. «Այսօր զատիկ մեր զենմամբ Քրիստոսի. արասցուք տօն ցնծութեամբ նորոգեալքս ի հնութենէ մեղաց ասելով. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» (Կիւրակէ ԱՁ, Զատիկ Յարութեան):

 

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ մեղքի հնութենէն նորոգուողներուս մեր մաղթանքն է ապրիլ յիշելով անոր մեծագոյն պատգամը` «սիրեաց զիւրսն` որ յաշխարհի աստ են, ի սպառ սիրեաց զնոսա» (Յովհ. Ժ. 1): Քրիստոսի նմանութեամբ ամբողջովին սիրելով զիրար արժանի կրնանք ըլլալ կոչուելու քրիստոնեայ եւ ցնծագին ուրախութեամբ փոխանցելու յաղթական աւետիսը.

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

 

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

 

Տուեալ ի Պատրիարքական Աթոռոյն որ ի Պէյրութ, Լիբանան, յերկրորդ ամի Հայրապետութեան Մերոյ, ի Յարութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, յամի Տեառն ՌՌԻԳ: