image
Հրատապ լուրեր:

Նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ յառաջիկայ մարտին․ նախարար

Նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ  յառաջիկայ մարտին․ նախարար

Նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ եւ հրապարակման ենթակայ պիտի դառնայ արդէն մարտին. այս մասին 2025-ի գործունէութեան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը։

Նախարարը շեշտած է, որ նոր Սահմանադրութեան բնագրի վերջնականացումը կը հանդիսանայ տարուան առանցքային առաջնահերթութիւնը, եւ գործընթացը կ՚ակնկալուի ամբողջութեամբ իրականացնել առաջիկայ կիսամեակի ընթացքին։

«Չենք շեղուելու նաեւ այն ժամկէտներից, որոնց մասին, որ ես նախորդիւ խօսել եմ բազմիցս։ Մեր աշխատանքների ամփոփման ամիսը մարտն է շարունակում մնալ, այսինքն՝ մարտին մենք կ՚ունենանք տեքստ, որը հրապարակման ենթակայ կը լինի»,-ըսած է նախարարը։